2014-08-20 11:23:39

ԱՄՆ` Ֆերկըսընի մէջ բախումները կը շարունակուին։


Ամերիկեան ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Միսուրի նահանգի Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ գիշերանց տեղի ունեցած հերթական խռովարարութեանց ընթացքին ձերբակալուած են 31 անձեր: Շրջանի բնակչութիւնը, որուն շուրջ 65 առ հարիւրը սեւամորթ է, զայրացած է ոստիկանի մը կողմէ, անցեալ 9 օգոստոսին անզէն սեւամորթ պատանիի մը սպանութենէն: Ոստիկանը առանց պատճառի սպաննած էր պատանին:
Միսուրիի կառավարիչը յայտարարեց, որ կարգ ու կանոնի հաստատման համար հրամայած է Ազգային պահակագունդը օգտագործել: Ոստիկան գնդապետ Ռոն Ճոնսըն յայտնեց, որ ոստիկանները ստիպուած եղած են արցունքաբեր կազ եւ ձայնային ռումբեր օգտագործել, որովհետեւ «արատ հրացանաձգութեան» ենթարկուած են եւ հրավառ նիւթերով եւ շիշերով յարձակումի ենթարկուած: Ան ցուցարարներուն կոչ ուղղեց իրենց ցոյցերը ցերեկները կատարելու` արգելք հանդիսանալու համար, որ «օրինախախտ փոքրամասնութիւն մը» դիտաւորեալ կերպով բռնարարքներ գործէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ պատանիին սպանութենէն յառաջացած «յուզումն ու զայրոյթը», սակայն նաեւ շեշտեց, որ «կողոպտելով կամ զէնքեր բարձրացնելով, եւ մինչեւ իսկ ոստիկանութեան վրայ յարձակելով» բարկութեան անձնատուր ըլլալը միայն «լարուածութիւնը բարձրացնելու եւ քաոս ստեղծելու կը ծառայէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ ինք կը գիտակցի, որ ամերիկեան բազմաթիւ վայրերու մէջ բնակչութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ «վստահութեան վիհ» մը գոյութիւն ունի եւ թէ «բազմաթիւ համայնքներու մէջ, ոչ սպիտակամորթ շատ երիտասարդներ կ՛անտեսուին եւ միայն վախի առարկայ կը նկատուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.